2013-03-04 13:38:47

Սուրբ Պետրոսի ''Թափուր Աթոռի'' Հետեւանքով Կիրակի Օր` Մարեմեան Աղօթքը Լսելի Չեղաւ։


Կիրակի 3 մարտին, առաջին անգամ ըլլալով, ութը տարիէ ասդին, ''Հրեշտակ Տեառն'' մարեմեան աղօթքը լսելի չեղաւ ս. Պետրոս հրապարակի վրայ, հակառակ բազմաթիւ ուխտաւորներու ներկայութեան։
Արդարեւ, այս եղաւ Ս. Պետրոսի ''թափուր Աթոռի'' առաջին կիրակին, որուն ընթացքին Քահանայապետական գրասենեակի պատուհանը փակ մնաց։
Ս. Պետրոսի արեւոտ հրապարակը լեցուն էր հաւատացեալներով եւ ուխտաւորներով, որոնք շարքի կեցած էին ս. Պետրոսւի Պազելիքան այցելելու։
Կէսօրին` շատերուն աչքը դէպի ''Պատուհան'' սեւերած էր, ուրիշներ քով-քովի համախմբուած` հաւաքական աղօթք կը կատարէին ունենալով որպէս դիտաւորութիւն նոր քահանայապետի ընտրութիւնը։
Յայտնենք որ իր Քահանայապետութեան շրջանին Պենետիկտոս ԺԶ-ը 455 անգամ արտսանած էր Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը, միլիոնաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Առաջինը տեղի ունեցած էր 2005- մայիս 1-ին, իսկ վերջինը անցեալ 24 փետրուարին։
Կիրկանօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի պահըշ Պենետիկտոս ԺԶ-ի համար դարձած էր առանձնայատուկ պահ մը, մօտենալու հաւատացեալներուն որպէս դաստիարակ ամուռ եւ հասկնալի Հաւատքի մը փոխանցելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.